Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from Ռազմիկ՝ ՀՅԴ ԼԵՄի պաշտօնաթերթ, Magazine, .
կան Ժողովը արմատական լուծում մը գտնելու հրամայականին առջեւ կը գտնուէր: Եւ կը տրուէր որոշումը, ԼԵՄը օժտել անկախ պարբերաթերթով մը:
Գոյութիւն ունէր արդէն "Էջ"ի խմբագրական կազմ մը: Կ՛որոշուէր այդ կազմին վստահիլ ե՛ւ նոր պարբերաթերթի համապարփակ ծրագրումը, կազմակերպումը եւ ապա խմբագրական աշխատանքները: "Էջ"ի խմբակին կողմէ Պատգամաւորական Ժողովին արդէն ներկայացուած էր որոշ պատկերացում մը: Բայց իրականութեան դէմ յանդիման գտնուիլը եւ այդ երազները իրականացնելն ու անոնց կեանք ներշնչելը շա՜տ տարբեր բաներ էին... "Էջ"ի գործունէութեան շրջանին, յօդուածները տպարան կը յանձնուէին եւ՝ վե՛րջ: Հիմա, սակայն, մինջեւ թերթին լոյս տեսնելը տպարանէն, աշխատանքը պէտք էր հետապնդուէր: Տպագրական աշխատանքներու դժուարութիւններէն գրեթէ անտեղեակ, բայց իրեն վստահուած աշխատանքը լիուլի ամբողջացնելու հրամայականին առջեւ կը գտնուի խմբագրական կազմը:
Ընկ. Նազարէթ Պէրպէրեանի վերահսկողութեամբ կազմը կը սկսի ծրագրաւումի աշխատանքներուն: Աշխատանքին ահաւորութիւնը առաջին իսկ ժողովին ի յայտ կու տայ: Աշխատանքին հազիւ սկսած, անկարեւոր մանրուքներ, յանկարծ, միահամուռ կերպով կը ցցուին մեր դէմ՝
Թերթը ինչ ծաւալ պէտք է ունենայ,
Ինչ հերթականութեամբ լոյս պէտք է տեսնէ,
Ինչ մնայուն ենթաբաժանումներ պէտք է ունենայ,
Հաղորդական եւ ամէնուն դիւրամատչելի ըլլալու համար ինչ միջոցներ պէտք է որդեգրել,
Մասնաճիւղերու հետ գործակցութիւնը ինչպէս պէտք է ըլլայ,
Սպառումը ինչ ձեւով պէտք է կատարուի,
Եւ նմանօրինակ հարցերու կողքին նաեւ՝
Թերթը ինչ պէտք է կոչել:
Խմբագրական աշխատանքները տեղի կ՛ունենային շաբաթական երկու անգամ, Արա Երեւանեան ակումբին մէջ: Մօտաւորապէս մէկուկէս տարի ետք, Պէյրութի երկու շրջաններու միջեւ երթեւեկի դժուարութիւններու պատճառով, խմբագրատունը կը փոխադրուէր Պուրճ Համուտի ԼԵՄի կեդրոնը: Ժողովներուն՝ կ՛ընտրուէին նիւթերը, կ՛ըլլային գործի բաժանումները: Որոշուած թուականին իւրաքանչիւր յօդուած կը կարդացուէր, կը քննարկուէր, վերատեսութեան կ՛ենթարկուէր: Եւ միայն ասկէ ետք էր, որ յօդուածները կը յանձնուէին տպարան: Հիմա էր որ միայն, կը սկսէր հիմնական տառապանքը:
Լիբանանեան պատերազմի օրեր էին: Ելեկտրածին մեքենաները տակաւին ընդհանրացած չէին, իսկ ելեկտրականութեան հոսանքին հայթայթումը նախանձելի ըլլալէ շատ հեռու էր: Թերթի հրատարակութեան ժամկէտ որոշուած էր, իսկ տպագրական աշխատանքներու աւարտը այս պայմաններուն մէջ՝ անորոշ: Տակաւին, շարուած յօդուածները պէտք էր սրբագրուէին, ապա վերջնական սրբագրութենէ ետք միայն պէտք էր տպուելու սկսէին: Եւ յիշել, որ յօդուածները այս օրերուն համակարգիչի վրայ չէին շարուեր, հետեւաբար, գործադրուած սրբագրութիւնը յաճավ այլ սխալներու դուռ կը բանար...
Ամէնէն դժուար պայմաններու մէջ իսկ թերթը հրատարակուած տեսնելու եւ ԼԵՄի մտահոգութիւնները, խօսքը եւ գործունէութիւնը լաւագոյն ձեւով տարածելու նախանձախնդրութեամբ ծագած վէճերուն կողքին, ընկ. Նազոյի հանդարտութեան եւ հարցերը դիտելու եւ լուծելու կարողականութեան շնորհիւ, մեր դէմ սառցակոյտի կտորներու նման ցցուած դժուարութիւնները կը սկսին հալիլ: Եւ, գարնանային գեղեցիկ օր մը, 1983 Մայիսին, ՀՅԴ մամուլի ընտանիքին կու գայ միանալու ՀՅԴ ԼԵՄի պաշտօնաթերթ ՌԱԶՄԻԿը: