Armenian Prelature Of Cyprus Առաջնորդարան Հայոց Կիպրոսի
Fr. Momik Habeshian, Pastor
Sourp Asdvadzadzin Church
47 Armenia Street
2003 Strovolos
Cyprus
Tel: (357) 22315321
Larnaca District
Rev.
Our Contact Details :
ARMENIAN PRELATURE OF CYPRUS
Archbishop Khoren, Catholicosal Vicar (appointed March 2017)
Street Address : 47 Armenia Street, 2003 Strovolos, Cyprus
Postal Address : PO Box 1987, Nicosia 1515, Cyprus
Tel : (+357) 22493581
Fax : (+357) 22492750
E-mail: [email protected]
Nicosia District
Rev. Mashdots Ashkarian, Pastor
Sourp Stepanos Church
Armenia Street
Larnaca
Cypr
Կիրակի 21 Յուլիսին, Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին, պատարագիչ Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեան իր քարոզին մէջ յիշեց Կիպրոսի թրքական ներխուժման ընթացքին զոհուած բոլոր քաջարի զինուորները, դրուատելով իրենց զոհաբերութիւնը: Յատուկ կերպով յիշատակեց Յունահայ զինուոր` Բարսեղ Պիպերեանը, որ այդ օրերուն ռազմադաշտին վրայ հերոսաբար նահատակուեցաւ:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն 1974ի ամրան նահատակուած բոլոր զինեալ ու անզէն նահատակներուն:
Ապա, Տ. Մոմիկ Քահանան, ընկերակցութեամբ սարկաւագներու, դպրաց դասի անդամներու եւ խումբ մը հաւատացեալներու, ուղղուեցաւ Մակեդոնիտիսսայի ռազմական գերեզմանատուն, ուր գերեզմանօրհնէք կատարեց Բարսեղ Պիպերեանի շիրիմին վրայ:
Նշենք նաեւ, թէ եկեղեցւոյ մուտքին Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ ցուցադրութեան դրուած էին լուսանկարներ, "Կիպրահայութեան կորուստը 1974ի թրքական ներխուժման իբր հետեւանք" թեմայով:
ՄԱՀԱԶԴ – ԹԱՂՈՒՄ
Լիլի Յովսէփեան
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 24 Յուլիս 2024, կ. ա. ժամը 11.00-ին
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ
Նիկոսիա
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԻՐՈՎ ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԻՐՈՎ ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ
Կ՚ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, յատկապէս Կիպրոսի հայութեան, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, Հայրապետական գիրով, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեանը նշանակեց Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ: Սրբազան հայրը շուտով պիտի ստանձնէ իր նոր առաքելութիւնը:
Կոմիտաս սրբազան անցնող տասնամեակներու ընթացքին վանական ու թեմական զանազան պաշտօններ վարած է Սուրիոյ, Յունաստանի եւ Վենըզուելայի մէջ: Դպրեվանքը աւարտելէ ետք, ան իր աստուածաբանական բարձրագոյն ուսումը կատարած է Թեսաղոնիկէի (Սելանիկ) համալսարանին մէջ:
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտճեանը նշանակեց Լիմասոլի եւ Փաֆոսի (Կիպրոս) շրջանի հայութեան հոգեւոր հովիւ:
Վարդավառի տօնին առիթով, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Տ. Մոմիկ Քհնյ. Հապէշեան: Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները Տէր Հօր գլխաւորութեամբ ուղղուեցան եկեղեցւոյ բակին գտնուող Խաչքարին եւ Հոգելոյս Զարեհ Սրբազանի կիսանդրիին շուրջ, ուր մեր երիցագոյն եւ կրտսեր հաւատացեալները, եկեղեցւոյ զանգակին ղօղանջին ներքոյ աղաւնիներ թռցուցին, առողջութեան եւ փափաքներու իրականացման աղօթքներով: Աւարտին բոլորը հիւրասիրուեցան Տիկնանց Մարմնին կողմէ:
Կիրակի 30 Յունիս 2024-ին, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ, Ս.Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ`
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա.Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 29-րդ տարեդարձին առիթով։
«ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋՈՒԹԻՒՆԸ, ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ ՄԵՐ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՐԱԳՐԻՆ ՈՒ ԿԵԱՆՔԻՆ» - Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
«ԽՍՏԱՊԱՀԱՆՋՈՒԹԻՒՆԸ, ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԵՆ ՄԵՐ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՐԱԳՐԻՆ ՈՒ ԿԵԱՆՔԻՆ» - Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Այսպէս բնորոշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան նկարագիրը, կեանքը ու կոչումը, եպիսկոպոսաց դասուն եւ ապա վանաբնակ միաբանութեան հետ յաջորդաբար իր ունեցած հանդիպումներու ընթացքին:
«Մենք անհատ միաբաններ չենք, այլ Միաբանութիւն ենք՝ հաւաքական մէ՛կ անձնաւորութիւն: Այս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կոչուած ենք մտածելու ու գործելու, ծառայելու ու կազմակերպելու մեր անհատական ու հաւաքական կեանքը, Մայրավանքէն թէ թեմերէն ներս», ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը: Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «կ՚ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր շրջապատուած ենք տեսակ-տեսակ երեւոյթներով, զարգացումներով, մօտեցումներով, մտածելակերպերով ու կենցաղակերպերով, որոնք երբեմն իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան հայ հոգեւորականի կեանքին, մտածողութեան ու գործին վրայ: Հարկ է ըլլալ զգօն եւ ամրօրէն կառչած մնալ մեր կոչումին ու անոր պարտադրանքին: Հոգեւորականը իրաւունք չունի սովորական մարդ դառնալու: Ան միջնորդ է Աստուծոյ ու մարդուն միջեւ եւ Քրիստոսի դեսպանն է, ինչպէս կ՚ըսէ առաքեալը: Այս ինքնագիտակցութիւնը պէտք է մղիչ ոյժը դառնայ հոգեւորականի կեանքին ու ծառայութեան»:
Այս առիթով Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց, որ մեր Ս. Աթոռին միաբանները անմնացորդ նուիրումով կը ծառայեն Մայրավանքէն ու թեմերէն ներս: «Մեր Սուրբ Աթոռին համար եկեղեցւոյ ծառայել կը նշանակէ ազգին ու Հայրենիքին ծառայել: Այսօր, երբ մեր Հայրենիքը շրջապատուած է լուրջ տագնապներով եւ մեր ժողովուրդը ամէն տեղ կը դիմագրաւէ ահաւոր կարիքներ ու դժուարութիւններ, մենք կոչուած ենք վերանորոգ հաւատքով ու նուիրումով իրագործելու մեր ծառայական կոչումը», շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը:
Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ վանական պաշտօններու, ինչպէս նաեւ ամրան ժամանակաշրջանին առնչուած շարք մը ծրագիրներու։
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Կիրակի 30 Յունիս 2024-ին, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ մէջ, Ս.Պատարագի ընթացքին
ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ
պիտի կատարուի ՝
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա.Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 29-րդ տարեդարձին առիթով։
Սիրով հրաւիրուած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ ըլլալու եւ մասնակցելու Ս.Պատարագին եւ հայրապետական մաղթանքին։
Հոգեւոր Հովիւ եւ Հոգաբարձութիւն
Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ
ՎԱՐԴԱՎԱՌ (ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ)
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻ – ՆԻԿՈՍԻԱ
Վարդավառի Սուրբ տօնին առիթով, Կիրակի 7 Յուլիս 2024-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին պատարագ պիտի մատուցուի Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Ինչպէս ծանօթ է Վարդավառի տօնակատարութենէն մեզ աւանդութիւն մնացած է իրար վրայ ջուր սրսկելու եւ աղաւնի թռցնելու սովորութինը, որպէս յիշատակում ջրհեղեղի:
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյս Տիկնանց Միութեան կազմակերպութեամբ, աղաւնի պիտի թռցուի եւ հիւրասիրութիւն պիտի կատարուի եկեղեցւոյ մուտքին:
Սիրով կը հրաւիրենք բոլորդ մասնակցելու արարողութեան եւ հիւրասիրութեան:
Նիկոսիա, 18 Յունիս 2024
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԻՆ ՀԵՏ
«ԿՐՕՆԻ ԴԵՐԸ ԱՆԺԽՏԵԼԻ Է ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԱՀԱԶԴ – ԹԱՂՈՒՄ
Մայտա Մկրտիչեան
Թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Չորեքշաբթի, 12 Յունիս 2024, կ. ե. ժամը 3.00-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ
Նիկոսիա
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի
ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻ ԱԶՆԻՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Մեր Թեմի ժողովուրդին այսու կ՛ուզենք յայտնել, որ Թեմիս կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն Արք․ Տողրամաճեան յատուկ նամակով դիմած է ՆՍՕՏՏ Արամ․ Ա․ վեհափառ հայրապետին եւ ցաւ յայտնած ու ներողութիւն խնդրած իրեն հետ կապուած վերջին պատահարին համար։
Վեհափառ հայրապետի թելադրանքով, սրբազանը որոշ ժամանակ պիտի բացակայի Թեմէն՝ ցնոր տնօրինում։
Այս առիթով կ՛ուզենք յայտնել, որ Ազգային Առաջնորդարանը կը շարունակէ իր բնական աշխատանքները ծանօթ ժամանակացոյցով։
Ազգային Վարչութիւն։
6 Յունիս 2024
«Մի՛ շնար»: «Իսկ ես կ՛ըսեմ ձեզի, թէ ո՛վ որ ցանկութեամբ նայի ոեւէ կնոջ՝ արդէն իսկ իր սրտին մէջ շնութիւն ըրած կ՛ըլլայ անոր հետ» (Մատթէոս 5.27-28):
“You have heard that it was said, ‘Do not commit adultery.’ But I tell you that anyone who looks at a woman to lust after her has already committed adultery with her in his heart” (Matthew 5:27-28).
Հոգեւոր եւ Ազգային Դէմքեր ու Գրական Էջեր Թիւ՝ (65)
Ղազարոս Աղայեան (Կեանքը՝ ամփոփ) 1840- 1911
«ՏՈՐՔ - ԱՆԳԵՂ»
Կը ներկայացնէ՝
Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան
Նիկոսիա, 5 Յունիս 2024
5 Յունիս 2024
«Տէրը կենդանի է ու իմ Վէմս օրհնեալ ըլլայ եւ իմ փրկութեանս վէմը՝ Աստուած՝ բարձր ըլլայ» (Բ. Թագաւորաց 22.47):
“The LORD lives! Praise be to my Rock! Exalted be my God, the Rock, my Savior” (2 Samuel 22:47).
4 Յունիս 2024
(Սրբոց կուսանացն Նունեայ եւ Մանեայ):
(Saints Noune and Mane).
«Լաւ գիտցէք, թէ ինչ որ Հօրմէս խնդրէք իմ անունովս՝ պիտի տայ ձեզի» (Յովհաննէս 16.23):
“Very truly I tell you, my Father will give you whatever you ask in my name” (John 16:23).
3 Յունիս 2024
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քեզի, ով Տէր, մեր Աստուածը, որ քու ողորմութեամբդ մեզ առաջնորդեցիր» (Ամէնօրեայ Աղօթք):
“We thank you, O Lord, our God, for guiding us with your mercy” (Daily Prayer).
2 Յունիս 2024
(Տօն է Կաթուղիկէ եկեղեցւոյ Սրբոյ Էջմիածնի):
«Հայ Եկեղեցւոյ մեծ տօներէն մէկն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքով Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի հիմնադրութեան տօնը: Ըստ աւանդութեան՝ Խոր Վիրապի բանտարկութենէն դուրս գալէն ետք, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, տեսիլք մը կը տեսնէ, ուր Միածինը, ողողուած հրաշափառ լոյսով, երկինքէն իջնելով եւ ոսկի ուռով կը զարնէ Սանդարամետի գետնափոր մեհեանը՝ ցոյց տալով այն տեղը, ուր պէտք է կառուցուէր Հայոց Սուրբ Հաւատքի Տաճարը: Այստեղէն կը յառաջանայ «Էջմիածին» անունը, այսինքն՝ էջ- (գրաբար)=իջաւ միածինը» (Ծանօթութիւն):
“One of the great holidays of the Armenian Church is the feast of the founding of St. Etchmiadzin Church, with the vision of Saint Gregory the Illuminator. According to tradition, after being released from prison in Khor Virap, S. Gregory the Illuminator saw a vision where the Begotten Son, bathed in a miraculous light, descending from the sky and striking the underground well of Sandaramet with a golden willow, showing the place where the Armenian Church of the Holy Faith was to be built. This is where the name “Ejmiadzin” comes from, i.e. “Ejmiadzin” (literally) = came down to the “Echmiadzin” (Information).
Հաղորդագրութիւն
Ուրբաթ, 31 Մայիս 2024 երեկոյեան, Նիկոսիոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Մոմիկ քհնյ. Հապէշեան, ներկայացնելով թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը, ներկայ գտնուեցաւ Նիկոսիոյ «Մելինա Մերքուրի» մշակութային կենդրոնի մէջ, Սուրիոյ դեսպանատան կազմակերպուած ձեռնարկին, որ կը կրեր «Հակառակ թերորիզմի, Սուրիան պիտի մնայ քաղաքակրթութեան օրրան» վերնագիրը:
Քահանայ հայրը մեր եկեղեցւոյ եւ Սրբազանին անունով շնորհաւրեց դեսպանն ու կազմակերպիչները եւ խաղաղութիւն մաղթեց Սուրիոյ:
1 Յունիս 2024 Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի
Բարի եւ Յոյսով Լի Ամիս
Blessed and Hopeful Month
Ευλογημένο και Ελπιδοφόρο Μήνα
شهرمبارك للجميع
1 Յունիս 2024
(Տօն է Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչին մերոյ ելանելոյն ի Վիրապէն):
(The feast of St. Gregory the Illuminator, getting out of Virap).
«Եղբայրնե՛ր, կ՛ուզեմ ձեզի յիշեցնել այն Աւետարանը որ իմ քարոզութեամբս ընդունեցիք եւ որուն հաւատարիմ կը մնաք: Այդ Աւետարանով ալ կը փրկուիք, եթէ զայն պահէք այնպէս՝ ինչպէս ես ձեզի քարոզեցի. այլապէս զուր տեղ հաւատացած կ՛ըլլաք» (Ա. Կորնթացիներուն 15.1-2):
“Now, brothers, I want to remind you of the gospel I preached to you, which you received, and in which you stand firm. By this gospel you are saved, if you hold firmly to the word I preached to you. Otherwise, you have believed in vain” (1 Corinthians 15:1-2).
Հոգեւոր եւ Ազգային Դէմքեր ու Գրական Էջեր Թիւ՝ (64)
Վահան Թոթովենց (Կեանքը՝ ամփոփ)1889 – 1938
«ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆՍ»
Կը ներկայացնէ՝
Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան
Նիկոսիա, 31 Մայիս 2024
31 Մայիս 2024
«Աստուծոյ խօսքը քարոզէ եւ զայն յայտարարէ ամէն առիթով, առանց պատեհութիւնը կամ անպատեհութիւնը խորհելու, սխալները ուղղէ, եւ սաստէ կամ յորդորէ՝ մեծ համբերատարութեամբ ուսուցանելով» (Բ. Տիմոթէոսի 4.2):
“Preach the word; be prepared in season and out of season; correct, rebuke and encourage, with great patience and careful instruction” (2 Timothy 4:2).
30 Մայիս 2024
Տէրը այսպէս կ՛ըսէ.- «Հզօրին գերի առածն անգամ պիտի առնուի ու բռնաւոր մարդուն աւարը պիտի ազատի» (Եսայի 49.25):
But this is what the LORD says: “Yes, captives will be taken from warriors, and plunder retrieved from the fierce” (Isaiah 49:25).
«ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՉԻ՛ ԿՐՆԱՐ ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՄՆԱԼ Ի ՏԵՍ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՔԱՆԴՈՒՄԻՆ» — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
«Քիչ առաջ իմացանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Սարդարապատ մուտքի ժամանակ ոստիկաններուն կողմէ եղած խոչընդոտին մասին։ Խստօրէն կը դատապարտենք այս մեծապէս ամօթալի երեւոյթը, որ խոտոր կը համեմատի մեր ազգի վարքագիծին եւ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն։
Ո՞ւր կ՚երթայ Հայաստանը՝ մեր սիրելի Հայրենիքը, որուն անկախութեան ու յաւերժութեան ի խնդիր դարեր շարունակ մեր սուրբերը աղօթեցին, մեր նախահայրերը ստեղծագործեցին եւ մեր նահատակները իրենց արիւնը թափեցին։ Ինքնաքանդումի ու ինքնասպանութեան ներկայ ընթացքը պէտք է կա՛նգ առնէ։ Մեր եկեղեցին չի՛ կրնար անտարբեր մնալ ի տես Հայրենիքի քանդումին»։
29 Մայիս 2024
«Քաջալերեցէ՛ք իրար եւ իրարու հաւատքը ամրապնդեցէք» (Ա. Թեսաղոնիկեցիներուն 5.11):
“Therefore encourage one another and build each other up” (1 Thessalonians 5:11).
Հոգեւոր եւ Ազգային Դէմքեր ու Գրական Էջեր Թիւ՝ (63)
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան
հռչակման 106-րդ տարեդարձի մասին տեղեկութիւններ
Կը ներկայացնէ՝
Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան
Նիկոսիա, 28 Մայիս 2024
28 Մայիս 2024
(Սրբոց Կուսանացն Գայիանեանց / Saints Gayianiants).
(Տօն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան): Feast of the First Republic of Armenia and Independence).
«Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը ծնունդ առաւ 1918 թուականի մայիսի 28-ին՝ մայիսեան հերոսամարտերէն՝ Սարդարապատի, ԲաշԱպարանի եւ Ղարաքիլիսայէն յետոյ եւ գոյատեւեց երկու տարի» (Ծանօթութիւն):
“The First Republic of Armenia was born on May 28, 1918, after the heroic battles of Sardarapat, BashAparan and Gharakilisa and survived for two years” (Information).
Հաղորդագրութիւն
Կաթողիկոսական Փոխանորդի ելոյթը Նիկոսիոյ Համալսարանին մէջ
Շաբաթ, 25 Մայիս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00 - 13:00, Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, ընդառաջելով Նիկոսիոյ Համալսարանի (University of Nicosia) Աստուածաբանական բաժնի տնօրէնութեան պաշտօնական հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ ուսումնական տարեվերջի Դոկտորայի եւ Մագիստրոսի վկայականներ ստացողներու համալսարանական ելոյթներուն: Ներկայ էին Տնօրէնութեան լրիւ կազմը, հոգեւոր հայրեր, դասախօսներ ու Մագիստրոսական եւ Դոկտորայի աւելի քան 25 շրջանաւարտներ ու տասնեակ համալսարականներ: Բացման արարողութենէն ետք յաջորդաբար հակիրճ կերպով իրենց թեզերը ներկայացուցին Դոկտորայի շրջանաւարտները եւ ապա ողջոյնի խօսքերով ու պատգաամներով հանդէս եկան աստուածաբանական բաժնի տնօրէնը, դասախօսներ եւ 2 Յուլիս 2023-ին, հանդիսաւոր ու պաշտօնական արարողութեամբ Մագիստրոսի վկայական ստանալիք՝ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Սրբազան Հայրը:
27 Մայիս 2024 Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի
Հաղորդագրութիւն
Կիրակի 26 Մայիս 2024-ի առաւօտեան, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Անկախութեան 106-րդ ամեակին առիթով, Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին եւ Լառնագայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիներուն մէջ, տեղի ունեցան Մաղթանք Հանրապետական եւ գոհաբանական աղօթք, 1918 Մայիս 28-ի Հայաստանի Ա. անկախութեան հռչակման առիթով։ (Մաղթանքը պիտի կատարուի նաեւ Կիրակի, 2 Յունիս 2024-ին, Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ):
Պատարագներու աւարտին հոգեհանգիստ կատարուեցաւ 1918 Մայիս 28-ի Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէյի եւ Բաշ Ապարանի ճակատներուն նահատակուած քաջարի մարտիկներու հոգիներուն համար։
27 Մայիս 2024 Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի
Click here to claim your Sponsored Listing.
Videos (show all)
Category
Contact the place of worship
Telephone
Address
47 Armenia Avenue
Nicosia
2003
Eresou
Nicosia, 1070
You can ask Questions about anything! This is a place we all can talk and share.
8 Stasinou Avenue
Nicosia, 1060
Nous sommes là pour vous aider. Le CAU a toujours comme objectif d´apporter le salut a tous a travers le Seignieur Jesus Christ.
Chalkokondyli 23-23b ( Basement )
Nicosia, 1071
Imam Bargah Hussainia is an organization dedicated for all the Muslims in Cyprus.
2 Grigoriou Afxentiou Street
Nicosia, 1096
The home of Anglican worship in Nicosia