Naregatsi Choir, Նարեկացի Երգչախումբ

Contact information, map and directions, contact form, opening hours, services, ratings, photos, videos and announcements from Naregatsi Choir, Նարեկացի Երգչախումբ, Choir, Beirut.

28/09/2024

ՅԵՏԱՁԳՈՒԱԾ
Վերամուտ՝ 19 Հոկտեմբեր 2024

06/09/2024

Միացիր մեզի 🎵🎶🎵🎶

Photos from Naregatsi Choir, Նարեկացի Երգչախումբ's post 03/09/2024

«ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՓԱԿԷ 2023-2024 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ

Երգչախումբիս վարչութեան եւ երիտասարդական խորհուրդին առաջարկով, Շաբաթ, 31 Օգոստոս 2024-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբը 2023-2024 տարեշրջանը փակեց ջրախաղով` Ֆանարի Խորէն Ա. կեդրոնէն ներս։

Վարչութիւնն ու երիտասարդական յանձնախումբը պատրաստած էին զանազան տեսակի ջուրով խաղեր։ Մանուկները հաճելի ժամանակ մը անցուցին, ուրախացան, երգեցին ու պարեցին։ Տեղի ունեցաւ տարեդարձներու նշում, որմէ ետք մանուկները ճաշակեցին համպըրկըր։

Աւարտին, երգչախումբի մանուկները բարի երթ մաղթեցին 16 տարեկանը բոլորած 5 պատանիներուն, որոնք պիտի անցնին «Շնորհալի» երգչախումբ։

Photos from Naregatsi Choir, Նարեկացի Երգչախումբ's post 26/07/2024

«ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ՃԱՄԲԱՐԻ ԵՐՐՈՐԴ ՕՐ

Կիրակի, 21 Յուլիսը եզրափակիչ օրն էր «Նարեկացի» երգչախումբի ճամբարին։

Իրենց բանակավայրէն` Լիբանանահայ օգնութեան «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանէն ներս նախաճաշելէ ետք, փոքրիկները մեկնեցան Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցի, ուր մասնակից ու աղօթակից դարձան Ս. եւ անմահ պատարագին։ Պատարագիչն էր «Նարեկացի» երգչախումբի ղեկավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանը։ Իր քարոզին մէջ, ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Աստուծոյ, որ իր շնորհքով «Նարեկացի» երգչախումբի ճամբարը անփորձանք կերպով կը հասնի իր աւարտին։ Նաեւ շնորհակալական խօսքը ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետին, որուն յորդորներով, խրատներով ու ցուցմունքներով կատարուեցաւ այս եռօրեայ ճամբարը։ Երրորդ շնորհակալական խօսքը ուղղուեցաւ Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեանի, որ լաւ պայմաններ տրամադրելով սատարեց ճամբարի յաջողութեան եւ մասնակից 150 մանուկներու ուրախութեան, ինչպէս նաեւ Այնճարի քաղաքապետին, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ անհատական բարերարներուն, որոնք ոչ մէկ ճիգ չխնայեցին այս եռօրեայ ճամբարը յաջողցնելու համար։

Ապա, հայր սուրբը իր օրուան նիւթը առած էր Սաղմոս 23 «Տէրն է իմ հովիւս, որեւէ բանի կարօտ պիտի չմնամ»։

Պատարագի ընթացքին 150 մանուկները իրենց աղօթքներուն ընդմէջէն խօսեցան Աստուծոյ հետ եւ աղօթեցին իրենց ընտանիքներուն, հարազատներուն ու ընկերներուն համար։ Անոնք նաեւ հաղորդուեցան։ Պատարագէն ետք, մանուկները խանդավառ մթնոլորտ մը ապրեցան Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ բակէն ներս, ուր ունեցան ջուրի խաղ։ Ապա, ուղղուեցան Լիբանանահայ օգնութեան «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայան, ուր ճաշեցին, որմէ ետք պատրաստուեցան վերադարձի դէպի Անթիլիասի Մայրավանք։

Բոլորին վարձքը կատար։

25/07/2024
Photos from Naregatsi Choir, Նարեկացի Երգչախումբ's post 23/07/2024

«ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ՃԱՄԲԱՐԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐ

Շաբաթ, 20 Յուլիս 2024-ին, մանուկները իրենց օրը սկսան մարզանքով, որմէ ետք աղօթեցին նախքան նախաճաշելը։ Նախաճաշէն ետք, անոնք դարձեալ աղօթեցին` օրուան յաջողութեան համար, որմէ ետք «Նարեկացի» երգչախումբի ղեկավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան հանդիպում ունեցաւ ճամբարի մասնակից 150 մանուկներուն հետ։ Ան մէկ ժամի սահմաններու շուրջ խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին, որուն ընդմէջէն իր կեդրոնացումը դրաւ «Նարեկացի» երգչախումբին ու քաջալերեց մանուկներուն, որ իրենք եւս անդամակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող այս երգչախումբին։

Հանդիպման յաջորդեց շարականի ուսուցում ու մանուկները սորվեցան «Փառք քեզի» շարականը։

Կէսօրին ճամբարի մասնակիցները հիւրընկալուեցան «Արեւ» ճաշարանի կողմէ, ուր ճաշելէ ու խաղալէ ետք ուղղուեցան ագարակ։ Հոն ծանօթացան զանազան տեսակի անասուններու ու անոնց տուած արտադրութիւններուն։

Վերադառնալով Լիբանանահայ օգնութեան «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայան, մանուկները պատրաստուեցան խորովածի երեկոյին, որ տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր։

Յայտնենք, որ վարչութիւնս պատրաստած էր անակնկալ մը` դմբուկ ու զուռնան, որոնք ճոխացուցին ու խանդավառեցին խորովածի երեկոն։

Photos from Naregatsi Choir, Նարեկացի Երգչախումբ's post 21/07/2024

«ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ՃԱՄԲԱՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, կազմակերպութեամբ «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի վարչութեան, առաջին անգամ ըլլալով ընթացք առաւ եռօրեայ բանակում մը, Լիբանանահայ օգնութեան «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանէն ներս։

Ուրբաթ, 19 Յուլիս 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 3։30-ին, 150 մանուկներ հաւաքուեցան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայրավանքէն ներս, ուր միասին աղօթեցին բանակումի յաջողութեան համար, ապա Մայրավանքի մուտքը խմբանկար մը առնելով բարձրացան կազդուրման կայան։

Լիբանանահայ օգնութեան «Ալեքսան եւ Արաքսի Գլպաշեան» կազդուրման կայանէն ներս դասաւորելէ ետք իրենց իրերը, մանուկները շնորհակալական աղօքթ մը բարձրացուցին առ Աստուած։ Աղօթքին յաջորդեց հիւրասիրութիւնը, որմէ ետք մանուկները բաժնուեցան չորս խումբերու, որոնք կը կրեն հետեւեալ անունները.- «Արցախ», «Մարտունի», «Շուշի» եւ «Ստեփանակերտ»։

Խումբերու անդամները պաշտօնապէս ծանօթացան իրարու, որմէ ետք այցելեցին Այնճարի թանգարանը, ուր ծանօթացան թանգարանի իրերուն։ Որմէ ետք Կազդուրման կայան վերադառնալով մանուկները ունեցան իրենց ընթրիքը ու զանազան տեսակի խաղերով շարունակեցին երեկոն։

02/07/2024
11/06/2024

Յարգելի ծնողներ
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հովանաւորութիւնը վայելող «Նարեկացի» երգչախումբի այս ամրան անվճար ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Այնճարի «Կազդուրման կայանի»ին մէջ, որուն կրնան մասնակցիլ նաեւ մեր գիւղի փոքրիկները։
Արձանագրութեան համար ծնողները կրնան ներկայանալ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Թաղականութեան գրասենեակ, Կիրակի 16 Յունիսին յետմիջօրէի ժամը 4:00-6:00:

28/05/2024

«ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՉԻ՛ ԿՐՆԱՐ ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՄՆԱԼ Ի ՏԵՍ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՔԱՆԴՈՒՄԻՆ» — Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

«Քիչ առաջ իմացանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Սարդարապատ մուտքի ժամանակ ոստիկաններուն կողմէ եղած խոչընդոտին մասին։ Խստօրէն կը դատապարտենք այս մեծապէս ամօթալի երեւոյթը, որ խոտոր կը համեմատի մեր ազգի վարքագիծին եւ բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն։

Ո՞ւր կ՚երթայ Հայաստանը՝ մեր սիրելի Հայրենիքը, որուն անկախութեան ու յաւերժութեան ի խնդիր դարեր շարունակ մեր սուրբերը աղօթեցին, մեր նախահայրերը ստեղծագործեցին եւ մեր նահատակները իրենց արիւնը թափեցին։ Ինքնաքանդումի ու ինքնասպանութեան ներկայ ընթացքը պէտք է կա՛նգ առնէ։ Մեր եկեղեցին չի՛ կրնար անտարբեր մնալ ի տես Հայրենիքի քանդումին»։

Photos from Naregatsi Choir, Նարեկացի Երգչախումբ's post 26/05/2024

ՍՈԼՖԷԺԻ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Շաբաթ, 25 Մայիս 2024-ի առաւօտեան, իրենց սովորական երգեցողութեան փորձէն ետք, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահէն ներս «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի մանուկները շարունակեցին սոլֆէժի խտացեալ դասերը։ Իրենց դասատուն է տիկ. Լիանա Միքայէլեանը։

21/05/2024

Առաջին տարին ըլլալով…🎶🎵🎶

Photos from Naregatsi Choir, Նարեկացի Երգչախումբ's post 19/05/2024

«ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՃԵԼԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՕՐ ՄԸ

Շաբաթ, 18 Մայիս 2024-ի առաւօտեան, «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի անդամները չունեցան իրենց սովորական երգեցողութեան փորձը։ Այլ, անոնք հաւաքուեցան Ֆանարի Խորէն Ա. կեդրոնը, ուր զանազան տեսակի խաղերով անցուցին հաճելի ընկերային օր մը։

Կէսօրին, փոքրիկները վարչութեան եւ երիտասարդական խորհուրդին կողմէ պատրաստուած համեղ համպըրկըր ճաշակեցին։

06/04/2024

«ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑԱՆ «ԿՐԵԹԹԱՆ ԵՒ ՈՍԿԵԱՅ ՀԱՒԿԻԹԸ» ԵՐԳԱԽԱՌՆ ԹԱՏՐՈՆԻՆ

Շաբաթ, 30 Մարտ 2024-ի յետմիջօրէին, Ս. Զատկուան տօնին առիթով «Նարեկացի» երգչախումբի փոքրիկները ներկայ գտնուեցան «Կրեթթան եւ Ոսկեայ Հաւկիթը» երգախառն թատրոնին, որ տեղի ունեցաւ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահէն ներս։

Փոքրիկները շատ ուրախ ժամանակ անցուցին ու բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց տուները` իրենց ընտանիքներուն հետ նշելու համար Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութիւնը։

Photos from Naregatsi Choir, Նարեկացի Երգչախումբ's post 04/04/2024

«ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀՕՐ ՀԵՏ ԿԸ ՆՇԵՆ Ս. ԶԱՏԻԿԸ

Շաբաթ, 30 Մարտ 2024-ի առաւօտեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Նարեկացի» երգչախումբի վարչութիւնն ու երիտասարդական խորհուրդը պատրաստած էին գունաւոր հաւկիթներ, որոնցմով կատարուեցաւ հաւկթախաղ անակնկալօրէն ժամանած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։

«Նարեկացի» երգչախումբի մեծ ընտանիքը կը շնորհաւորէ ձեր բոլորին Ս. Զատիկը։

Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց։
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։

22/03/2024
Photos from Naregatsi Choir, Նարեկացի Երգչախումբ's post 17/03/2024

ՍՈԼՖԷԺԻ ԽՏԱՑԵԱԼ ԴԱՍԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Շաբաթ, 16 Մարտ 2024-ի առաւօտեան, իրենց սովորական երգեցողութեան փորձէն ետք, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահէն ներս «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի մանուկները շարունակեցին սոլֆէժի խտացեալ դասերը։ Իրենց դասատուն է տիկ. Լիանա Միքայէլեանը։

Ըսենք, որ մանուկները բաժնուած են երկու խումբերու եւ այս շաբաթ երկրորդ խումբը սկսաւ փորձի։

Photos from Cilicia TV's post 15/03/2024
Photos from Naregatsi Choir, Նարեկացի Երգչախումբ's post 13/03/2024

ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՏՕՆԸ «ՆՍՐԵԿԱՑԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԷՆ ՆԵՐՍ

Շաբաթ, 9 Մարտ 2024-ի առաւօտեան, բնականոն երգեցողութեան փորձէն ետք, «Նարեկացի» երգչախումբի փոքրիկները երգչախումբի խորհրդանշական նուէրներով վարչութեան ու երիտասարդական խորհուրդին իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին։

Նաեւ նշուեցաւ Ժան Դարբինեանի տարեդարձը, որուն ընթացքին երգչախումբի ղեկավար հայր սուրբ` Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան ու երիտասարդական խորհուրդին իրենց տարած աշխատանքին համար։

Want your establishment to be the top-listed Arts & Entertainment in Beirut?
Click here to claim your Sponsored Listing.

ՆԱՐԵԿԱՑԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ
ՊԱՏՄԱԿԱՆԸ

Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին փափաքով եւ տնօրինութեամբ, 21 Հոկտեմբեր 2017-ին կազմուեցաւ Կաթողիկոսարանի մանկապատանեկան երգչախումբը, մասնագիտական վարժութեամբ, 6-14 տարեկան մանուկներու ու պատանիներու համար։ Փորձերը տեղի կ’ունենան Շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 9.30 մինչեւ կէսօրուան ժամը 12.30: Սոյն երգչախումբին հեռանկարն է նոր աւիշ հայթայթել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին:

Իւրաքանչիւր ձայնի փորձի ժամանակ մնացեալ անդամները կը հետեւին գծագրութեան եւ ձեռային աշխատանքի դասընթացքներու, իսկ 2019-ին երգչախումբի անդամ-անդամուհիները սկսան հետեւիլ ձայնագրութեան եւ դաշնակի դասընթացքներու։ Այս բոլորին առընթեր երգչախումբի անդամները կը սորվին շարականներ, սաղմոսներ, աղօթքներ, ինչպէս նաեւ կ’ունենան զանազան ընկերային գործունէութիւններ։

Ցարդ, երգչախումբը Եկմալեան Պատարագը ամբողջութեամբ միաձայն սորված է, ինչպէս նաեւ Ծննդեան մանկական յատուկ երգեր։

Երգչախումբը առաջին անգամ հանդէս եկաւ Կիրակի, 1 Յուլիս 2018-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, պատարագի երգեցողութիւնը կատարելով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին ընտրութեան եւ օծման 23-րդ տարեդարձին առիթով, ղեկավարութեամբ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի։

Videos (show all)

«Նարեկացի» երգչախումբի մանուկները կը շնորհաւորեն ձեր նոր տարին։
Դարձեալ տարի մը եւս պիտի բոլորենք։ Տարի մը, որ լեցուն էր վերիվայրումներով ու յաջողութիւններով։ Տարի մը, որ լեցուն էր բար...
Այսօրուան փորձէն բաժին մը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մանկապատանեկան «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» երգչախումբի 2022-2023 ծրագիրներու ներկայացում
ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ` «ԿՐԵԴԱՆ ՈՒ ԱՆՈՒՇԻԿ ԲԱԼԻԿԸ» ՊԱՌԱԽԱՌՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆՀինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2022-ի ...
«ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐԸ ԿԸ ՏՕՆԵՆ ԿԱՂԱՆԴԸՈւրբաթ, 23 Դեկտեմբեր 2022-ի յետմիջօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսա...
Շնորհաւոր Նոր Տարի 🎵🎶🎵🎶🎵🎶
5-ամեակի նշում
Մեր տաղանդաւոր «Նարեկացի» երգչախումբի անդամները։
🎵🎶🎵🎶🎵🎶
«Նարեկացի» երգչախումբի փոքրիկները
Այսօրուան փորձէն հատուած մը…

Category

Telephone

Address


Beirut

Opening Hours

09:00 - 17:00
Other Choirs in Beirut (show all)
Beirut2024EME Beirut2024EME
Beirut
Beirut

𝐀 𝐎𝐧𝐞-𝐨𝐟-𝐀-𝐊𝐢𝐧𝐝 𝐂𝐡𝐫𝐢𝐬𝐭𝐢𝐚𝐧 𝐄𝐯𝐞𝐧𝐭!